«Արեւմտեան ազրպէյճանցիներու` իրենց հայրենի բնակավայրեր վերադարձի հարցը պէտք է դառնայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ քննարկուող նիւթերէն մէկը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի նախագահ Ազիզ Ալեքպերլի` «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան. պատմական արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու վերականգնում» խորագիրով ձեռնարկի ընթացքին:
«Առանց այդ իրաւունքի վերականգնման դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ շրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան մասին», պնդած է ան` աւելցնելով, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնքը, հիմնուելով միջազգային օրէնքի վրայ, միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ համաշխարհային հանրութենէն կը պահանջէ ճանչնալ եւ ապահովել այդ մարդոց իրաւունքները»:
«Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է հաշուի առնէ շրջանին մէջ ձեւաւորուած նոր իրողութիւնները», ըսած է ան:
Ալեքպերլի Օրտուպատի մէջ «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազրպէյճան» 3-րդ փառատօն-խորհրդաժողովի ժամանակ ալ լրագրողներուն յայտարարած էր. «Հայաստան պէտք է պայմաններ ստեղծէ «արեւմտեան ազրպէյճանցիներու» անվտանգ վերադարձին համար: Անոր համաձայն, Նախիջեւանը նաեւ ականատես եղած է «արեւմտեան ազրպէյճանցիներ»-ու կրած ողբերգութիւններուն, եւ այդ առումով նման քայլերու կատարումը ինքնին այստեղ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
Ազիզ Ալեքպերլի նշած էր, որ «արեւմտեան ազրպէյճանցիներու» «հայրենի հողեր» վերադարձը կը համապատասխանէ մարդու հիմնարար իրաւունքներուն եւ միջազգային օրէնքին:
Ան ընդգծած էր, որ շրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւնները կը վկայեն «արեւմտեան ազրպէյճանցիներ»-ու «հայրենի հողեր» վերադարձի անխուսափելիութեան մասին:
Ազիզ Ալեքպերլի աւելցուցած է, որ Հայաստան պէտք է ընդունի այս իրողութիւնը եւ պայմաններ ստեղծէ «արեւմտեան ազրպէյճանցիներու» անվտանգ, արժանապատիւ եւ խաղաղ վերադարձի համար: