Իրանի խորհրդարանի նախագահ եւ աւագ բանագնաց Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, թէ Իրան կը շարունակէ խոր հակասութիւններ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ, հակառակ վերջերս ստորագրուած յուշագիրին, որուն գործադրութիւնը որակած է «դժուար, սակայն կարելի»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ղալիպաֆ այս մասին յայտարարած է Թեհրանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի խորհուրդի ղեկավար Մոհամետ Տարուիշի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Տարուիշ Իրան կ՛այցելէ Իրանի սպաննուած գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար:
«Մենք Միացեալ Նահանգներուն հետ խաղաղութեան մէջ չենք եւ պիտի չճանչնանք Իսրայէլը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ իսլամներուն եւ դիմադրութեան առանցքին` համաձայն Խամենէիի ուղեցոյցներուն, «անհրաժեշտութեան պարագային հրթիռներով, իսկ քաղաքական ճնշում պահանջուելու պարագային` բանակցութիւններու միջոցով»:
Ղալիպաֆ նշած է, որ Իրան պէտք է խուսափի բանակցութիւններէն, որոնք որեւէ արդիւնք չեն տար: «Մենք ամերիկեան կողմին ըսինք, թէ շրջանային երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Իրանի դաշնակիցներու` դիմադրութեան խումբերու դէմ պատերազմի դադրեցումը պէտք է ըլլան յուշագիրի մաս, եւ անիկա աւելցուեցաւ բնագիրին մէջ», ըսած է ան:
«Այսօր այս յուշագիրը կեանքի կը կոչուի, եւ ատոր գործադրութիւնը դժուար, սակայն կարելի է», աւելցուցած է իրանցի պաշտօնատարը:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը նաեւ նշած է, որ իսլամական երկիրները կարեւոր դեր ունին շրջանին մէջ, ապա աւելցուցած. «Անոնք այժմ հասկցած են, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը իրենց անվտանգութիւն պիտի չբերէ»: