Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ զտումի մրցումներու առաջին հանգրուանը աւարտեց կիրակի օր, 98-72 արդիւնքով յաղթանակով, Հնդկաստանի մէջ:
Զտումի այս մրցումներուն Լիբանանի ազգային խումբը 1 պարտութիւն կրեց, այդ ալ Քաթարէն` 83-86 արդիւնքով, բայց պարտութեան մատնեց Սէուտական Արաբիան (2 անգամ) եւ Հնդկաստանը: Զտումի առաջին մրցումին ալ Լիբանան 75-74 արդիւնքով յաղթած էր Քաթարին:
Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Լիբանան դաշտ ներկայացաւ Ալի Մըզհեր, Սերժիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Ժիհատ Խաթիպ եւ Աթեր Մաժոք հնգեակով: Սերժիօ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ նշանակելով (19 կէտ), մինչ Խաթիպ 17 կէտ նշանակեց: Ժերար Հատիտեան 14 կէտ աւելցուց, մինչ Զէյնուն իր կարգին 14 կէտ աւելցուց: Մարք Խուրի 13 կէտ նշանակեց, մինչ Մըզհեր 8 կէտ եւ 14 էսիսթ ձեռք ձգեց: Աթեր Մաժոք 7 կէտ նշանակեց, մինչ Ամիր Սէուտ (2 կէտ), Քարլ Զամաթթա (2 կէտ) եւ Ժոզեֆ Ապու Սամրա (2 կէտ) իրենց կարգին մասնակցեցան այս մրցումին:
Լիբանան, որ 99-56 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հնդկաստանը, Պէյրութի մէջ, անշուշտ բացականեր ունէր: Ուաէլ Արաքժի եւ Եուսեֆ Խայյաթ կը մնան վիրաւոր, մինչ օտար մարզիկի դիրքը ժամանակաւոր ստանձնեց Աթեր Մաժոք (39 տարեկան):
Քաթար 1 կէտով ետ (10 կէտ) մնաց Լիբանանէն եւ յաղթելէ ետք Սէուտական Արաբիոյ (73-76) գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Պէտք է ըսել, որ 3 խումբերն ալ հասան վերջին հանգրուան, ուր պիտի միանան Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Չինաստան եւ Թայփէ խումբերէն կազմուած Բ. խմբակի առաջին 3 դիրքերը գրաւող խումբերուն դէմ: Ճափոն իր 5 մրցումներէն 4-ը յաղթած է եւ եւ նոյնիսկ Հարաւային Քորէայի դէմ պարտութիւն մը զինք պիտի պահէ առաջին դիրքին վրայ:
Պայքարը սուր պիտի ըլլայ Չինաստանի եւ Թայփէի միջեւ, որոնք Քորէայի նման 2 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն ունին: