«Էմ. Էմ. Էյ.» Կարէն Ղազարեան Յաղթեց

Հայ մարզիկ Կարէն Ղազարեան տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց Պանքոքի մէջ տեղի ունեցած «Ուան Էֆ. Սի.» մրցաշարքին:

«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկ Ղազարեան նաք աութի ենթարկեց նախապէս անյաղթ ճափոնցի Հիսաշի Էզաքին: Մենամարտը առաջին ռաունտին իսկ վերջ գտաւ, մանաւանդ երբ մրցակիցը չկրցաւ Բ. ռաունտին վերադառնալ ռինկ:

Ղազարեանի համար շատ կարեւոր էր այս յաղթանակը, ուր ան կը կատարէր իր երկրորդ ելոյթը` «Ուան Էֆ. Սի.»-ի ամէնէն թեթեւ կշիռի մրցումներուն: Ան նախապէս իր առաջին ելոյթին պարտութիւն կրած էր, բայց այս յաղթանակը մոռցնել տուաւ այդ արդիւնքը:

Այս յաղթանակէն ետք Կարէն Ղազարեանի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ասպարէզի արդիւնքներու պատկերը եղաւ 6 յաղթանակ, 1 պարտութիւն: Հիսաշի Էզաքի այժմ 7 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն ունի:

Այսպիսով, Ղազարեան վերադարձաւ յաղթանակներու ուղի եւ բարելաւեց իր դիրքը աշխարհի լաւագոյն միջազգային մրցաշարքերէն մէկուն մէջ:

 

Leave a Comment