Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց հաւաքականը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Իրլանտայի հետ, «Լոս Անճելըս Ինթըրնեշընըլ պասքեթպոլ քլասիք» մրցաշարքին գծով:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ եւ վերջ գտաւ 74-59 արդիւնքով` ի նպաստ Հայաստանի:
Հայաստան մրցումին սկիզբէն աւելի լաւ էր եւ առաջին մասին 23-20 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. մասին գրեթէ հաւասար էր արդիւնքը (16-15), եւ Հայաստան պահեց իր առաւելութիւնը: Վճռական էր 4-րդ մասը, որուն ընթացքին Հայաստան շատ լաւ ձեւով պաշտպանեց ինքզինք` առիթ տալով, որ Իրլանտա միայն 9 կէտ նշանակէ:
Հայաստանի հաւաքականէն առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Քրիս Միչել (16 կէտ), մինչ Արտեմ Տաւակալեան աւելցուց 14 կէտ, Եուրա Մելիքեան` 13 կէտ, իսկ Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան 10 կէտ նշանակեց 6 էսիսթներու կողքին: Իրլանտայի լաւագոյն մարզիկն էր Շոն Ֆլադ, որ 18 կէտ նշանակեց:
Հայաստան 3 կէտնոց դիրքէն 12 կողով նշանակեց եւ ընդամէնը 16 էսիսթ կատարեց, եւ մեծ մասամբ օգտուեցաւ Իրլանտայի սխալներէն:
Նշենք, որ Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 2 յուլիսին` Նորվեկիոյ դէմ, «Եուրոպասքեթ 2029»-ի զտումի մրցումներուն գծով: