Սուքիասեան Փոխեց Իր Մարզական Քաղաքացիութիւնը

18 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Վանիկ Սուքիասեան փոխեց իր մարզական քաղաքացիութիւնը, որպէսզի աւելի ուշ հանդէս գայ Հայաստանի ազգային խումբերէն:

Սուքիասեան ունի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Այս տարեշրջանին Սուքիասեան շատ լաւ ելոյթ ունեցած է Ռուսիոյ Բ. դասակարգի Խիմքիի Քոզմոս խումբին հետ:

186 սմ հասակ ունեցող Սուքիասեան ոչ միայն պաշտպանողական իր հմտութիւններով հռչակ ունեցաւ, այլ նաեւ արդիւնաւէտութեամբ: Տարեշրջանի առաջին մասին ան 12 մրցումներու ընթացքին 3 կոլ նշանակած է եւ 1 էսիսթ կատարած: Հայ ֆութպոլիստը կը հանդիսանայ խումբին լաւագոյն մարզիկներէն մէկը, որ լաւ ձեւով կը խլէ գնդակը մրցակիցներէն, ինչպէս նաեւ մենապայքարներու բարձր ցուցանիշներ արձանագրած է:

Ան կանուխէն ուշադրութիւնը գրաւած է հայկական ֆութպոլին, եւ աւելի առաջ, երբ Խիմքիի երիտասարդներու խումբի անդամ էր, հրաւիրուած էր Հայաստանի պատանիներու հաւաքական: Այժմ Վանիկ 18 տարեկանը ամբողջացուցած է եւ պաշտօնապէս կրնայ իր մարզական քաղաքացիութիւնը փոխել, որպէսզի ապագային կարենայ հանդէս գալ Հայաստանի հաւաքականէն:

Leave a Comment