Քալիպաֆ. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեզի Համար Նոյնքան Կարեւոր Է, Որքան Իրանի Դէմ Պատերազմին Վերջ Տալը»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց, թէ իր երկրի քաղաքականութիւնը հիմնուած է շրջանային անվտանգութեան վրայ, որ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ ինքնին շրջանի պետութիւններուն կողմէ:

Ան ըսաւ, որ Իրան պատրաստ է շրջանի պետութիւններուն հետ` ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիմամբ գործակցելու:

Քալիպաֆ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարն ու պատերազմին վերջ տալը Իրանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան Իրանի մէջ զինադադարն ու պատերազմին վերջ տալը:

Leave a Comment