Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարար Դաւիթ Խուդաթեան եւ Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու քննարկած են շրջանային կապուղիներու զարգացման կարելիութիւնները:
Հայկական կողմին փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած են երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու երթեւեկին վերաբերող հաղորդակցութեան ապաշրջափակման եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու ապահովման ուղղուած աշխատանքները: Խուդաթեանն ու Ուրալօղլուն անդրադարձած են նաեւ Անիի կամուրջի վերականգնման աշխատանքներուն:
Հանդիպման մասին «Էքս»-ի իր էջին մէջ գրած է նաեւ Ուրալօղլու` նշելով, որ Խուդաթեանի հետ քննարկած են նախապէս երկու երկիրներուն միջեւ գործած ինքնաշարժներու ճանապարհներու եւ երկաթուղային կապերու վերականգնման հարցերը:
«Մեր երկրին մէջ անհրաժեշտ վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկին զուգահեռ` մենք նաեւ գնահատած ենք հայկական կողմի նախապատրաստական աշխատանքները», նշած է թուրք նախարարը:
Հանդիպումը կայացած է Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցող «Կապուղիներու օրակարգի հարթակ»-ի շրջանակներուն մէջ: Այս հարթակի նպատակն է նպաստել Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ փոխադրական եւ ուժանիւթի կապերու ամրապնդման: