Ըստ «Մաարիւ»-ի. Թուրքիան Իսրայէլի Համար Իրանէն Աւելի Մեծ Սպառնալիք Է

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիան Իսրայէլի համար Իրանէն աւելի մեծ սպառնալիք եւ աւելի մեծ վտանգ կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ ան ՕԹԱՆ-ի մէջ երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի, եւ ռազմարդիւնաբերութեան մէջ անոր ինքնաբաւութիւնը հասած է շուրջ 80 առ հարիւրի:

«Մաարիւ» կ՛ըսէ, թէ թրքական օդուժը շուրջ 200 օդանաւեր ունի, որոնց մեծամասնութիւնը «Էֆ-16 Ֆայթինկ Ֆայլքըն» տիպի են, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ առաքելութիւններու մէջ գործածուող յարձակողական ուղղաթիռներ:

Օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի հետ որեւէ հաւանական ճակատումի պարագային գլխաւոր սպառնալիքը կրնայ թրքական ծովուժը ըլլալ, որ յածանաւերու, ցամաքահանման «Թի.Սի.Ճի. Անատոլու» յարձակողական նաւի կողքին 16 սուզանաւեր ունի:

«Մաարիւ» յայտնեց, որ թրքական բանակը զինեալ խմբաւորումներու դէմ տասնամեակներու վրայ երկարած պայքարի եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցութեան ճամբով բնակուած շրջաններու եւ լեռնային դժուար պայմաններու մէջ կռուելու փորձառութիւն ձեռք ձգած է:

 

Leave a Comment