ՀՄԸՄ-ական աթլեթ Զուլալ Պեզճեան պաշտօնապէս կը մասնակցի այս օրերս տեղի ունեցող աթլեթի արաբական խաղերու երիտասարդներու մրցաշարքին, Եգիպտոսի մէջ:
Լիբանանի ազգային խումբը կը մասնակցի Իսմայիլիայի մէջ տեղի ունեցող առաջին 16 տարեկանէն վար եւ 3-րդ 23 տարեկանէն վար մրցաշարքերուն, ուր 10 աթլեթներ տարբեր ակումբներէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 տարեկանէն վար մրցաշարքին, իսկ 5 աթլեթներ` 23 տարեկանէն վար մրցաշարքին:
23 տարեկանէն վար (2004-էն 2008-ի ծնունդ) հնգեակին մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ական Զուլալ Պեզճեան, որ կը ներկայացնէ Լիբանանը արաբական այս մրցաշարքին` գլխաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամներէն Մարիա Գէորգեանի, որ Լիբանանի պատուիրակութեան նախագահն է այս կարեւոր մրցաշարքին:
Նշենք, որ Զուլալ Պեզճեան կը մասնակցի նիզակի արձակումի մրցումներուն` նկատի ունենալով, որ ան Լիբանանի ախոյեանն է 18 տարեկան վար մրցումներուն: