Այսօր ժամը 21:30-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան, մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի աւարտականի 3-րդ ճակատումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատիի միջեւ:
Երկու խումբերն ալ մէկական յաղթանակ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն դաշտին վրայ, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիաս այսօր պէտք է անկարելին ընէ յաղթելու համար Մըզհերի մէջ:
Մեծ թիւով համակիրներ կը սպասուին ներկայ ըլլալու եւ քաջալերելու աղջկանց խումբը, որ 2 յաղթանակի պէտք ունի (մնացեալ 3 մրցումներուն)` դառնալու ախոյեան 2018-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: