Ընդդիմադիր ուժերը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարան անցնելու հարցը փակուած չեն նկատեր: «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը մտադիր են այս ուրբաթ դիմել Սահմանադրական դատարան` պահանջելով անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները:
«Տակաւին յստակ պարզ չէ, թէ արդեօք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը դուրս մնա՞ց խորհրդարանէն, թէ՞ ոչ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի ներկայացուցիչ Գոհար Մելոյեան:
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքին ներկայացուցիչները կը կարծեն, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարան անցնելու հարցը կրնայ լուծում ստանալ նոյնինքն Սահմանադրական դատարանին մէջ: «Մօտ 60 հազար ձայն, մէկ ամբողջ քաղաքական ուժ, որ ի սկզբանէ կը յաղթահարէր շեմը, արհեստական եղանակով ընդհանրապէս դուրս մնաց խաղէն», նշեց Մելոյեան:
«Ուժեղ Հայաստան»-ի պատգամաւորի թեկնածու Գոհար Մելոյեանը հէնց Սահմանադրական դատարանի կողմից ընտրութիւնների արդիւնքներն անվաւեր ճանաչելու եւ մանդատների բաշխման կարգ սահմանելու որոշման շրջանակում է հնարաւոր համարում ԲՀԿ-ի մուտքը խորհրդարան:
ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ հակառակ անոր որ չեն վստահիր Փաշինեանի օրով ընտրուած Սահմանադրական դատարանին, բայց, ամէն պարագայի, իրաւական դաշտին մէջ պահանջուող բոլոր քայլերուն պիտի ձեռնարկեն:
«Ակնյայտ է, որ եթէ Սահմանադրական դատարանը առաջնորդուի Սահմանադրութեամբ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան մուտքը երաշխաւորուած պիտի ըլլայ, իսկ եթէ շարունակէ ինչպէս Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ծառայել վարչակարգին, երթայ ապօրինութեան, կ՛ընտրէ այդ ճանապարհը», ըսաւ Սաղաթէլեան: