Չինաստան Թայուանի Մօտ Ռազմածովային Գործողութեան Սկսած Է

Չինաստանը Թայուանի արեւելեան ափերուն մօտ սկսած է ծովային յատուկ գործողութեան` Ճափոնի եւ Ֆիլիփինի միջեւ այս շրջանին մէջ ծովային սահմաններու սահմանագծման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները որակելով իր գերիշխանութեան կոպիտ խախտում:

Փեքին յայտարարած է, թէ գործողութեան նպատակն է սեփական իրաւասութեան հաստատումն ու ազգային շահերու պաշտպանութիւնը:

Ի պատասխան, Թայուան հերքած է այդ ջուրերուն մէջ Չինաստանի որեւէ գերիշխան իրաւունք եւ հինգ նաւեր ուղարկած` չինական ուժերու գործողութիւններուն հետեւելու:

Թայուանի առափնեայ պաշտպանութեան ուժերը հաղորդեցին, որ նաւեր ուղարկած են կղզիի արեւելեան կողմին մէջ «միջազգային օրէնքը ոտնահարող» չինական գործողութեան «պատշաճ կերպով հակադարձելու համար»:

Անոնք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ «ամբողջ գործողութեան» ընթացքին հետեւած են չինական նաւերու շարժումներուն:

 

Leave a Comment