Շաբաթ գիշեր սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի գծով Սաժես – ՀՄԸՄ ճակատումները. առաջին մրցումին, Ղազիրի մէջ, Սաժես 118-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումը բաւական հետաքրքրական էր: Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի ներկայութեան կարծէք պէտք էր Սաժեսը յաղթէր, մանաւանդ որ իրաւարարներուն ալ գրեթէ բոլոր 50 տոկոս միջամտութիւնները մրցակից խումբին հաշուոյն եղան:
Եգիպտացի «հսկայ» Համատ առաջին մասին արդէն իսկ 3 ֆաուլեր կատարեց իրաւարարին կարծիքով, որ 4-րդն ալ 2-րդ մասին «նուիրեց» անոր մրցումէն դուրս հանելով զայն այնպիսի պահու, երբ ՀՄԸՄ սուր պայքար կը մղէր:
Առաջին մասին յառաջանալէ ետք 24-21 արդիւնքով, Սաժես մինչեւ կիսախաղ 54-50 արդիւնքով յառաջացաւ:
Ճորտըն Սթիվընզ միշտ ալ կը փորձէր տարբերութիւնը շատ մօտ պահել, բայց դժբախտաբար մանաւանդ 3-րդ մասին ՀՄԸՄ ղեկը կորսնցուց եւ մրցումը կորսնցուց 118-98 արդիւնքով:
Եթէ անհատաբար նայինք, մեր մարզիկները այդքան ալ վատ ելոյթ չունեցան: Սթիվընզ 30 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, ՀՄԸՄ-ի հետ առաջին անգամ ելոյթ ունեցող Տիքեմպէ Տիքսըն 27 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ազիզ Ապտելմասիհ նշանակեց 19 կէտ, որոնց կարգին 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ մրցումի առաջին կիսախաղին:
Համատ Ֆաթհի, որ հազիւ 18 վայրկեան մասնակցեցաւ, 12 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց վստահաբար 233 սմ մարզիկ մը պէտք է շատ աւելի ռիպաունտ ձեռք ձգէ, մինչեւ իսկ պլոքներ կատարէ:
Մոհամետ Հթէյթ բաղդատմամբ իր վերջին մրցումներուն այնքան փայլուն ելոյթ չունեցաւ, հակառակ մրցումի առաջին վայրկեաններուն կատարած գեղեցիկ պլոքին:
Հթէյթ 32 վայրկեաններու ընթացքին միայն 4 կէտ եւ 5 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Փիթըր Տեքերմենճեան 16 վայրկեաններ մասնակցեցաւ եւ պայքարի բարձր ոգի ցուցաբերեց` 8 ռիպաունտ ձեռք ձգելով:
Չորեքշաբթի օր Մըզհերի մէջ ժամը 20:45-ին պէտք է մեր համակիրներուն ներկայութեան բարձր մակարդակի մրցում մը կատարենք, որպէսզի ճակատումներու արդիւնքը հաւասարեցնենք:
Սաժեսի օտարները բաւական լաւ են: Տեշոնտրէ Ուաշինկթըն ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ` նշանակելով 30 կէտ, 12 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ, իսկ հին մարզիկներէն Սեքու Տումպայա, որ վերադարձած էր Սաժես, 22 կէտ աւելցուց: Սիմիսոլա (Սիմի) Շիթու 15 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Եուսեֆ Խայյաթ (Եոյօ) 23 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ «Կանաչներ»-ուն:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի առաջին ճակատումներուն, Անթունիէ (4-րդ) 70-60 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Անդրանիկը, ախոյեան Ռիատի (առաջին) 98-71 արդիւնքով` Պէյրութը (8-րդ), իսկ Սանթրալ (6-րդ) պարտութեան մատնած էր Հուփսը (3-րդ)` 82-74 արդիւնքով:
Այսօր Սանթրալ կը հիւրընկալէ Հուփսը, չորեքշաբթի ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Սաժեսը, իսկ հինգշաբթի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատին: