Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուի Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի յանձնած է Փաքիստանի վարչապետէն Իրանի Գերագոյն հոգեւոր պետին ուղղուած նամակ մը:
ԻՐՆԱ շաբաթ օր հաղորդած էր, թէ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարը, որ նոյն օրը Թեհրան հասած է, յայտնած է, որ իրեն հետ բերած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին ուղղուած կարեւոր նամակ մը, եւ կը յուսայ, որ հարցերը դրական ընթանան եւ իրենց աւարտին հասնին:
Նաքուի նշած է, որ Փաքիստանի բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիրի եւ վարչապետ Շահպազ Շարիֆի նամակը պիտի յանձնէ Խամենէիի:
Միւս կողմէ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ վար առած է իրանեան երկու անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք Հորմուզի նեղուցին մէջ միջազզգային նաւարկումին կը սպառնային:
Հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ ամերիկեան ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ կը մնան «իրանեան յարձակումին» դէմ դնել շարունակելու համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութեան մէջ Թեհրանի գլխաւոր խնդիրը Միացեալ Նահանգներու զիրար հակասող կեցուածքներն են:
Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն իրանեան նաւերու վրայ յարձակում գործելով կը խախտէ զինադադարը, եւ շեշտեց, թէ Թեհրան իր վրայ որեւէ յարձակումի պիտի հակադարձէ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի հետ համաձայնութեան ծիրին մէջ կանխաւ իրանեան սառեցուած դրամատնային հաշիւները պիտի չապասառեցնեմ կամ որեւէ պատժամիջոց պիտի չվերցնեմ: Եթէ Իրան լաւ վարուի եւ լաւ գործ կատարէ, այն ատեն կրնանք խօսիլ»:
Ան ըսաւ, որ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը իր հօրմէն աւելի ողջախոհ է:
«Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացման շատ մօտ ենք, եւ ունինք տարակարծութեան նիւթ եղող կարգ մը կէտեր, որոնք չնչին կը թուին», նշեց Թրամփ: