Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի արտակարգ առցանց նիստ կայացաւ կիրակի, 31 մայիս 2026- ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նիստի օրակարգն էր վեհափառին Վատիկան պաշտօնական այցելութիւնը եւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ տեսակցութիւնը:
Նիստին զեկուցելու հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:
Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն զեկուցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութեան Վատիկան այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն մասին:
Զեկուցման հիման վրայ կայացած քննարկումները ներառած էին բոլոր բնագաւառները, որոնք արծարծուած էին Արամ Ա.-Լեւոն ԺԴ. հանդիպումներու ընթացքին:
Արձանագրուեցաւ, որ այցելութիւնը աննախադէպ էր իր տարողութեամբ, Վատիկանի արարողակարգային բաժանմունքին բարձր մակարդակի ընդունելութեամբ, հայրապետ-պապ համատեղ ժողովրդային հանդիպումի առիթի ընձեռումով, պապին` վեհափառ հայրապետին նկատմամբ կատարած գնահատականով, յատկապէս` միջեկեղեցական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան շրջածիրին մէջ կաթողիկոսին ներդրած աւանդին առումով եւ այս առիթով սուրբ Ներսէս Շնորհալին կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու տօնացոյցին մէջ ներառելու պաշտօնական յայտարարութեամբ:
Ժողովը լսելէ ետք Լեւոն ԺԴ. պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքներու հարցերու համակարգման պատասխանատու կարտինալներու հետ վեհափառ հայրապետին զեկուցումներն ու ընդգծումները, քննարկեց Վատիկանի մէջ բարձրացուած հարցերը.
– Ազրպէյճանի մէջ Արցախի եկեղեցիներու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը,
– Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը` միջազգային երաշխաւորութեամբ,
– Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը,
– Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան դիմագրաւած խնդիրները,
– Լիբանանցի ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանգամանօրէն պարզաբանեց Վատիկանի թէ՛ իբրեւ Եկեղեցի եւ թէ՛ իբրեւ պետութիւն գործելու իւրայատկութիւնները, Ազրպէյճանի կողմէ դէպի Վատիկան տարբեր միջոցներով թափանցելու փորձերը եւ հայկական կողմը շահագրգռող հարցերը բարձրացնելու նրբութիւնները:
Ժողովը արձանագրեց ներկայ ժամանակներուն ու պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ եւ իր տարողութեամբ աննախընթաց այս այցելութեան կարեւորութիւնը` միաժամանակ շեշտելով հայկական եւ լիբանանեան հարցերը Վատիկանի բարձրագոյն բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ արծարծելու երեւոյթը եւ փոխանցուած առաջադրանքներուն ուղղութեամբ աշխատելու հնարաւորութիւնները: