Յարգանք` Լիբանանի Մէջ Ննջող Մայիսեան Յաղթանակի Կերտողներուն

Շաբաթ, 30 մայիս 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆրըն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 108-ամեայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներն ու նախարարները:

Ծաղկեպսակ զետեղելով ՀՅԴ պանթէոնին, ինչպէս նաեւ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Արամ Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Հրաչ Փափազեանի, Վարդան Շահպազի եւ խմբապետ Մուշեղի շիրիմներուն վրայ, վարչութիւնը իր յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքը մատուցեց անոնց յիշատակին:

Leave a Comment