«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2025-2026 Տարեշրջանի Լաւագոյն 11-ին Մէջ` 5 Մարզիկներ` Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Անցեալ շաբաթ օր շահելէ ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ը, Փարիզ Սեն Ժերմենէն 5 մարզիկներ մաս կազմեցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի տարեշրջանի լաւագոյն 11-ին:

Անցեալ տարուան «Պալոն տ՛օր»-ի տիտղոսակիր Ուսման Տեմպելէ յառաջապահ գիծը գլխաւորեց, մինչ ձախ ծայրի յառաջապահ/միջնապահ վրացի Քվիչա Քվարացխելիա, միջնապահ Վիթինիա եւ յետսապահներ Նունօ Մենտեշ եւ Մարքինիոս եղան մնացեալ 4 մարզիկները:

Աւարտականի հասած Արսենալէն բերդապահ Տաւիտ Ռայա եղաւ յատկանշական 11-ին բերդապահը, մինչ միջնապահ Տեքլան Ռայս եղաւ Լոնտոնի կազմի երկրորդ ներկայացուցիչը:

Երկու ներկայացուցիչներ ունի նաեւ Պայերն Միւնիխ, որուն անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն Եւրոպայի լաւագոյն ռմբարկումն էր այս տարեշրջանին, մինչ աջ ծայրի յառաջապահ/միջնապահ Մայքըլ Օլիսէ եղաւ գերմանական ակումբին երկրորդ ներկայացուցիչը:

Այս խմբակին 11-րդ անդամն է Աթլեթիքօ Մատրիտի աջ ծայրի յետսապահ Մարքոս Լորենթէ, որ շատ յաջող տարեշրջան մը բոլորեց:

Leave a Comment