Հայերը պէտք է շատ զգուշ ըլլան, որպէսզի չկրկնեն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ մէջ: ՊելԹԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ասթանայի մէջ ԵԱՏՄ-ի վեհաժողովի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
«Ուքրանիոյ մէջ ճիշդ այսպէս ալ սկսաւ, դուք ատիկա կը յիշէք: Որպէսզի հայերը, որոնք տակաւին պատերազմէն նոր դուրս եկած են, այդ առնչութեամբ ծանր կացութեան մէջ չիյնան: Պէտք չէ շտապել: Պէտք է մտածել, պէտք է իմաստուն ըլլալ», ըսած է ան:
Ան հայ ժողովուրդին կոչ ուղղած է «այդպիսի քայլ ընելէ առաջ»` ենթադրաբար նկատի ունենալով ԵԱՏՄ-էն հաւանական դուրս գալը եւ դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն ընթանալը, «շատ լուրջ մտածել»: «Ահա միակ բանը, որ անոնց կոչ կ՛ուղղեմ: Ժողովուրդը իր կարծիքը պիտի արտայայտէ` մենք անոր պիտի համաձայնինք», յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:
Խօսելով Ասթանայի մէջ որդեգրուած յայտարարութեան մասին, որուն մէջ ԵԱՏՄ-ի անդամ չորս պետութիւններու ղեկավարները կը յայտնեն, թէ դեկտեմբերին պիտի քննարկեն Հայաստանի անդամակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Երեւանը կը յորդորեն սեղմ ժամկէտներու մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կամ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու հարցով հանրաքուէ կատարել, Լուքաշենքօ ըսած է. «Մենք ժողովուրդին վրայ ճնշում չենք գործադրեր, առաւել եւս, որ կը հասկնանք, թէ այստեղ քաղաքական խաղ է` վաղը Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ կան: (…)Սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնը զուր կերպով այդպէս կը վարուի: Ատիկա կը հասնի ԵԱՏՄ-ի նուաստացման: Եւ ԵԱՏՄ-ի անդամները բոլորը ատոր համաձայնեցան»:
«Վերջերս ես լսեցի Փաշինեանի յայտարարութիւնները. «Ահա, մեր տարածքով խողովակներ պիտի անցնին, եւ մեզի կազով պիտի վճարեն: Թէ՛ կազ, թէ՛ դրամ շատ պիտի ըլլայ»: Լսեցէք, երբ ատիկա պիտի ըլլայ` հարց է: Ուրկէ՞, ի՞նչ խողովակներ պիտի անցնին: Կ՛ուզէի գիտնալ` ինչո՞ւ ան իր մարդոց կը ստէ: Ի՞նչ խողովակներ, այդ խողովակները ուրկէ՞ պիտի գան եւ ո՞վ անոնց այդ կազը պիտի տայ, եւ ի՞նչ դրամներ պիտի ըլլան», նշեց Լուքաշենքօ: