Բազկամարտ. Արման Մրտէեան Եւ Սարգիս Ստեփանեան Եւրոպայի Մէջ Տիտղոսակիրներ

Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցաւ բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:

7 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արման Մրտէեան անգամ մը եւս մետալ մը աւելցուց իր մետալներու պահարանին մէջ: Արդարեւ, Եւրոպայի 35-րդ բազկամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն ան կրցաւ արծաթէ մետալ նուաճել:

34 երկիրներէ աւելի քան 1500 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ 60 քկ կշիռի մարզիկներու մրցումներուն հայ երիտասարդ մարզիկը, որ 7 անգամ շահած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, կրցաւ 3-րդ անգամ ըլլալով շահիլ արծաթէ մետալ:

Փարաբազկամարտի (անդամալոյծներու մրցումներ) մրցումներուն, Սարգիս Ստեփանեան 6-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

80 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներուն ան շահեցաւ ոսկի մետալ եւ ըսաւ. «Այս յաղթանակը միայն իմս չէ: Այս յաղթանակը մեր ժողովուրդի, մեր զինուորի, մեր կամքի եւ երբեք  չյանձնուող հայ մարդու յաղթանակն է»:

 

Leave a Comment