Կիպրոսի Նախագահ. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համար Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բանակցութիւնները Հիւրընկալելու»

Կիպրոսի մարոնիներէն երեսփոխան Եանաքիս Մուսայի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը այցելեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին:

Խրիսթոտուլիտես իր հիւրերը ողջունելով շեշտեց, որ իր երկիրը նախանձնախնդիր է Լիբանանի կայունութեան ու գերիշխանութեան, եւ տեւաբար աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

Կիպրոսի նախագահը վերահաստատեց, որ Կիպրոս պատրաստ է հիւրընկալելու Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները, «որոնք կրնան տեւական խաղաղութիւն ապահովել Լիբանանի համար, որ իր հողերուն վրայ պատերազմներուն պատճառով շատ տառապեցաւ»:

Ան ըսաւ, որ աշխատանք կը տարուի Կիպրոս այցելել ուզող լիբանանցիներուն զբօսաշրջական մուտքի արտօնագիրները դիւրացնելու համար:

Կիպրոսի նախագահը բարձր գնահատեց Կիպրոսի մէջ մարոնիներուն ներկայութիւնն ու կիպրական ընկերութեան մէջ մարոնի համայնքի ազդու դերակատարութիւնը:

«Միշտ ժրաջան աշխատանք պիտի տանիմ Կիպրոսի մէջ մարոնիական գիւղերուն օգնելու համար», նշեց Խրիսթոտուլիտես:

 

Leave a Comment