Ուու Շու. Հայաստանի Հաւաքականը Փայլուն Արդիւնքներ Արձանագրեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ուու Շուի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի հաւաքականը հանդէս եկաւ բաւական յաջող ելոյթով` ձեռք ձգելով 27 մետալ` 14 ոսկի, 11 արծաթ եւ 2 պրոնզ:

Այս ախոյեանութիւնը բաց է տարիքային բոլոր կարգերով, ուր մասնակիցները հանդէս եկան Թաուլու, Ուու շու- Սանտա եւ Լայթ-Սանտա մրցաձեւերով:

Խմբային արդիւնքներով Հայաստան 5-րդ դիրքը գրաւեց: Առաջին դիրքը գրաւեց Ուքրանիոյ հաւաքականը, որ լայն կազմով ներկայացած էր գրեթէ բոլոր մրցաձեւերուն, բոլոր տարիքներու խումբերով:

Ֆրանսա գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Յունաստան եւ Իտալիա գրաւեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի ոսկի մետալներ նուաճող մարզիկները իրենց կարգերով.

Արտաշէս Աւագեան – Թաուլու, առանց զէնքի, 40-էն 59 տարեկան, 8 մասնակիցներ:
Գրիշա Ալիխանեան – Սանտա, 14 տարեկանէն վար, մինչեւ 45 քկ:
Ալեքս Խաչատրեան – Սանտա, 14 տարեկանէն վար, մինչեւ 56 քկ:
Միքայէլ Ալավերդեան – Սանտա, 14 տարեկանէն վար, մինչեւ 64 քկ:
Դաւիթ Յովհաննիսեան – Սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 48 քկ:
Էրիք Վիրաբեան – Սանտա 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 65 քկ:
Տիգրան Թովմասեան – Սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 75 քկ:
Գարոլինա Համբարձումեան – Սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 48 քկ:
Մանէ Եգանեան – Սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 52 քկ:
Ավանէս Զաքարեան – Սանտա, մեծեր, մինչեւ 56 քկ:
Դաւիթ Վարդանեան – Սանտա, մեծեր, մինչեւ 70 քկ:
Պաւել Մանգասարեան – Լայթ-սանտա, 14 տարեկանէն վար, մինչեւ 60 քկ:
Ժիրայր Պետրոսեան – Լայթ-սանտա, մեծեր, մինչեւ 60 քկ:
Վազգէն Մուրատեան – Լայթ-սանտա, մեծեր 100 քիլոկրամէն վեր:

ԱՐԾԱԹ ՄԵՏԱԼՆԵՐ

Սիրանուշ Աւագեան – Թաուլու, առանց զէնքի, 17 տարեկանէն վար:
Արտաշէս Ալավերդեան – Թաուլու, առանց զէնքի, 14 տարեկանէն վար:
Արտաշէս Աւագեան – Թաուլու, մէկ զէնք, 40-էն 59 տարեկան:
Սարգիս Երիցեան – Սանտա, 14 տարեկանէն վար, մինչեւ 48 քկ:
Ֆելիքս Թերզիցեան – Սանտա, 14 տարեկանէն վար, մինչեւ 52 քկ:
Կարէն Սահակեան – Սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 52 քկ:
Դաւիթ Բաղդասարեան – Սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 70 քկ:
Գէորգ Բաղդասարեան – Սանտա, մեծեր, մինչեւ 56 քկ:
Հրանդ Թադեւոսեան – Սանտա-մեծեր, մինչեւ 65 քկ:
Տիգրան Գէորգեան – Սանտա, մեծեր, մինչեւ 80 քկ:
Գառնիկ Գալստեան – Սանտա, մեծեր, մինչեւ 90 քկ:

ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼՆԵՐ

Ասպրամ Խոսրովեան – Լայթ-սանտա, 17 տարեկանէն վար, մինչեւ 85 քկ:
Գրիգոր Տօնիկեան – Սանտա, մեծեր, մինչեւ 85 քկ:

Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը 2025-ին 19 մետալ շահած էր:

 

Leave a Comment