Հայաստանի երիտասարդ ըմբիշները իրենց յաջող ելոյթները կը շարունակեն Սամոքովի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութեան:
71 քկ կշիռի Ջանես Նազարեան շատ հանգիստ ձեւով հաստատեց իր գերակայութիւնը այս կշիռին բոլոր մրցակիցներուն յաղթելով` առանց որեւէ կէտ կորսնցնելու:
Աւարտականին Նազարեան 4-0 արդիւնքով յաղթեց վրացի ըմբիշ Ռամազ Պասիլիային: Նազարեանի համար ասիկա հերթական մեծ յաջողութիւն է միջազգային ասպարէզին մէջ: Ան արդէն իսկ ունի աշխարհի ախոյեանութեան ոսկի մետալ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի արծաթէ եւ ոսկիէ մետալներ:
Յատկապէս տպաւորիչ էր հայ ըմբիշի ճանապարհը դէպի տիտղոս: Ան ամբողջ մրցաշարքին կրցաւ յաղթել Ռումանիոյ ներկայացուցիչին (6-0), Մոլտովայի ներկայացուցիչին (8-0), Ռուսիոյ ներկայացուցիչին (9-0) եւ Իտալիոյ ներկայացուցիչին (10-0): Աւարտականին ալ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք պատմական 37-0 ցուցանիշով ախոյեան դարձաւ:
80 քկ կշիռի մրցումներուն, Վահէ Յովէեան աւարտականին հազիւ 32 երկվայրկեանի ընթացքին աւարտեց իր մրցումը հունգարացի Տոմինիք Շիլակյիի դէմ: Յովէեան իր առաջին մրցումին յաղթած էր թուրք Ապտուլհալիք Պալին (6-2), ապա լեհ Սիմոն Սթանիսլաւ Թրետերին (5-1), իսկ կիսաւարտականին` լիթուանացի Պենետիքթաս Պուպելեվիսիուսին (6-1):
92 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալեքսան Շալջեան, որ կիսաւարտականին 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրած էր ազրպէյճանցի Զոհրապ Սաֆարովի վրայ, աւարտականին 5-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց լեհ Թոմաս Միթալէն եւ դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
65 քկ կշիռի մրցումներուն, Զաւէն Մեժլումեան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` ձեռք ձգելով այլ արծաթ մետալ մը: Մեժլումեան 3-6 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս Ասլան Ձուեւի դէմ մրցումին: Մեժլումեան իր առաջին մրցումին 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր ֆինլանտացի Ռամին Ռամ Եուսեֆը, ապա աւստրիացի Մարքօ Հանս Զումերը (8-0): Ան կիսաւարտականին ալ 5-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր հունգարացի Իմրէ Եուհաշը:
Պրոնզ մետալներ շահեցան Վազգէն Վարդանեան (45 քկ), Արարատ Աւետիսեան (48 քկ) եւ Գեղամ Եղիազարեան (55 քկ):