Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի աւարտականին, Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լացիօ Ռոման եւ 10-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Իտալիոյ բաժակակիր: Մարքուս Թիւրամ եւ Լասթարօ Մարթինես նշանակեցին Ինթերի 2 կոլերը, որոնց շնորհիւ Ինթեր տուպլէ մը իրագործեց ախոյեանութեան տիտղոսին հետ:
Հենրիխ Մխիթարեան 68-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով Փեթար Սուչիչը:
Ֆրանսայի մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-րդ յաջորդական տարին ըլլալով դարձաւ «Լիկ 1»-ի ախոյեան, 33-րդ հանգրուանին 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Բ. դիրքը գրաւող Լանսի: Քվիչա Քվարացխելիա եւ Իպրահիմ Էմպայէ նշանակեցին կոլերը մայրաքաղաքի կազմին, որ իր պատմութեան 14-րդ ախոյեանութիւնը շահեցաւ:
Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի ախոյեանութիւնը արդէն իսկ ապահոված Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Ալավեսի դաշտին վրայ, բաւական անմակարդակ մրցումէ մը ետք:
Ալավես, որ կը պայքարի Բ. դասակարգէն փախուստ տալու համար, շատ կարեւոր այս արդիւնքով բարձրացաւ 15-րդ դիրք, բայց միայն 1 կէտով աւելի լաւ է, քան 19-րդ դիրքը գրաւող Ժերոնան, որ Էլչէի, Մայորքայի եւ Լեվանթէի նման 39 կէտ ունի: Տակաւին 2 հանգրուաններ կան, եւ շատ բան կրնայ փոխուիլ: