Հայաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գուրգէն Արսէնեան կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր ան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է. «Դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին յայտարարուած է Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ վերջին ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ Քիեւի նացիական վարչակարգի պարագլուխ Վ. Զելենսքիի Ռուսիոյ հասցէին ահաբեկչական սպառնալիքներ հնչեցնելու համար «ամպիոն» տրամադրելու կտրուկ անընդունելիութեան մասին:

«Ընդգծուած է, որ Մոսկուայի մէջ այդ առնչութեամբ արդարացի վրդովմունք կ՛ապրին եւ Երեւանի կողմէ պատշաճ բացասական գնահատականի բացակայութիւնը կը նկատեն (…) ռուս-հայկական յարաբերութիւններու գործընկերային բնոյթին չհամապատասխանող»:

Ըստ հաղորդագրութեան, դեսպանը խոստացած է Երեւանին զեկուցել ռուսական կողմի ներկայացուցածին վերաբերեալ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ Մոսկուան այս տարի որոշած է առանց զինուորական սպառազինութեան կատարել Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ յաղթանակի նշման շքերթը, որովհետեւ «կը վախնան, որ շքերթի պահուն Կարմիր հրապարակին վերեւ անօդաչու թռչող սարքեր պիտի թռչին»:

Leave a Comment