Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններու Քարոզարշաւը Սկսաւ

Երէկ պաշտօնապէս սկսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի 7 յունիսի ընտրութիւններու քարոզարշաւը:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցին 17 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք` փորձելով ստանալ շուրջ 2,5 միլիոն ընտրողներու ձայները:

Այդ ուժերն են` ըստ քուէաթերթիկներու թիւերու. Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն, «Բոլորին դէմ եմ» ժողովրդավարական կուսակցութիւն, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինք, Հայաստանի Շնորհապետական կուսակցութիւն, «Նոր ուժ» բարեկարգչական կուսակցութիւն, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն, «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն, «Քոչարի ազգային վերածնունդ եւ ազգի զարթօնք» կուսակցութիւն, Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւն, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն, Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւն, «Ալեանս» յառաջդիմական կեդրոնամէտ կուսակցութիւն, «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութիւն, «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւն, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք, «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» կուսակցութիւն, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն:

Քարոզարշաւը պիտի տեւէ մէկ ամիս` վերջին օրը 5 յունիսն է:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ շարք մը պաշտօնեաներ քարոզարշաւին մասնակցելու նպատակով երէկուընէ արձակուրդ առած էին:

«Հայաստան» դաշինքը իր քարոզարշաւը սկսաւ Էջմիածին քաղաքէն` մարդաշատ հանրահաւաքով մը: Յաջորդիւ աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հանրահաւաքին:

Leave a Comment