Քիմի Անթոնելլի պատմութիւն կերտեց «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհին մէջ, երբ փոլ փոզիշընէն սկսաւ տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը եւ շահեցաւ զայն 19 տարեկան հասակին:
«Մերսետես»-ի վարորդ Անթոնելլի կէտերով կը գրաւէ առաջին դիրքը, եւ իր խմբակից Ճորճ Ռասըլ, որ շահած էր տարեշրջանի առաջին կրան փրին, կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Մայեմիի կրան փրին 3 ժամ աւելի կանուխ սկսած էր, երբ կլիմայական նախատեսութիւնները շատ վատ մրրիկ մը կը նախատեսէին:
Անձրեւներու վտանգին տակ սկսած մրցումին բոլոր ինքնաշարժներն ալ զարմանալիօրէն աճապարանքի տակ էին կարծէք: Առաջին 25 շրջաններուն շատ «տաք» էր մրցակցութիւնը, ուր «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլեր 3-րդ դիրքէն առաջին դիրք հասած էր, երբ Անթոնելլի ազդանշանին ետ մնացած էր մինչեւ 3-րդ դիրք: Քիչ մը ուշ այս անգամ Մաքս Վերշթափըն չկրցաւ զսպել իր ինքնաշարժը եւ 2-րդ դիրքէն նահանջեց 9-րդի: Անթոնելլի ինքզինք վերագտաւ եւ վերագրաւեց առաջին դիրքը, բայց Լըքլերի հետ պայքարէն օգտուեցաւ անցեալ տարուան ախոյեան Լանտօ Նորիս: Պէտք է ըսել, որ «Մաքլարեն», «Ռետ Պուլ» եւ «Ֆեռարի» համեմատաբար աւելի լաւ էին, քան առաջին 3 կրան փրիները, եւ պայքարելու բաւական առիթ եղաւ այս կրան փրիին «Մերսետես»-ի մենատիրութենէն ետք առաջին 3 կրան փրիներուն:
Վերշթափըն կանուխ փոխեց իր ինքնաշարժին անիւները, եւ այդ պատճառով ալ ետ մնաց մրցումի վերջին շրջաններուն, երբ ինքնաշարժին անիւները մաշեցան, եւ ան 3-րդ դիրքէն նահանջեց 5-րդի:
Նորիս շատ ճնշեց հասնելու Անթոնելլիի, որ սակայն մնաց առաջին մինչեւ մրցումին աւարտը, մինչ Լըքլեր վերջին շրջանին իր դիրքը ոչ միայն զիջեցաւ Փիասթրիի, այլեւ ան գրաւեց 6-րդ դիրքը` Վերշթափընի ետին, մինչ Ռասըլ (4-րդ) եւ Փիասթրի (3-րդ) գրաւեցին աւելի բարձր դիրքեր:
Յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ Քանատայի մէջ, ուր Մոնրէալ «Ժիլ Վիլնէօվ» շրջավազքին վրայ պիտի հիւրընկալէ տարեշրջանի 5-րդ կրան փրին: