Բողոքի Ցոյց Երեւանի Մէջ` «Այո՛ Ժողովրդավարութեան, Ո՛չ Երեսպաշտութեան» Խորագիրով

Երէկ` 4 մայիսին տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած «Այո՛ ժողովրդավարութեան, ո՛չ երեսպաշտութեան» խորագիրով բողոքի ցոյցը:

Դաշինքի ներկայացուցիչներն ու անոնց աջակիցները նախ հաւաքուեցան Մերգելեան հիմնարկի այգիին մէջ, ապա երթով շարժեցան դէպի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր, ուր տեղի կ՛ունենար Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը:

«Եւրոպան պէտք չէ լռէ», «Ազատութիւն Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն», «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն», կը վանկարկէին երթին մասնակիցները:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ երկրին մէջ կան տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներ, որոնք ձերբակալուած են շինծու մեղադրանքներով, մինչդեռ իշխանութեան կողմնակիցներուն կատարած ծանր յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ: Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ կ՛ուղղենք աչք չփակելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յետընթացին եւ արդէն անթաքոյց միահեծան բռնապետութեան հաստատման դիմաց: Եթէ Եւրոպան իրական բարեկամ է, ապա չի կրնար աչք փակել այս բոլորին նկատմամբ:

Անոր համաձայն, իրականութեան հետ աղերս չունի այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կը փորձէ պետութիւնը ներկայացնել իբրեւ ժողովրդավարութեան ջատագով, իսկ ընդդիմութիւնը` ռուսական ազդեցութեան գործակալ:

Արթուր Խաչատրեան նաեւ շեշտեց, որ Պաքուի բանտերուն մէջ կը շարունակեն մնալ տասնեակ մը հայ գերիներ, եւ անհրաժեշտ է օր առաջ հասնիլ անոնց ազատ արձակման:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երէկուան յայտարարութիւններուն` Արթուր Խաչատրեան ըսաւ. «Ալիեւը այս հարթակը օգտագործեց իր թեզերը յառաջ տանելու, պատերազմական յանցագործութիւններն ու Արցախի բռնագրաւումը արդարացնելու, հայկական իրականութիւնն ու պատմութիւնը անգամ մը եւս աղճատելու համար: Ան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այդ պետութեան թշնամական դիրքորոշումը:

Երթին մասնակիցները Մարզահամերգային համալիրին մօտ ուղերձներ յղեցին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն` հայերէնով եւ անգլերէնով:

Leave a Comment