1980-ական թուականներու վերջերուն, ֆութպոլը սկսած էր դառնալ աւելի պաշտպանողական, եւ խումբերը նոյնիսկ ժամանակ կը կորսնցնէին միայն «արժէքաւոր» կէտ շահելու համար, մանաւանդ որ մինչեւ 1995 յաղթական խումբը 2 կէտ կը շահէր, որ այժմ 3 կէտ է:
Դէպի ետ փոխանցումի օրէնքն ալ փոխուեցաւ, մանաւանդ մինչեւ 1992, երբ յետսապահներ իրենց բերդապահին կը վերադարձնէին գնդակը, որ օրին կրնար բռնել:
Բայց դժբախտաբար տակաւին մարզիչներ կան, որոնք «ժխտական» ֆութպոլ կը կիրարկեն նախ մրցակիցը կասեցնելու, եւ եթէ հակայարձակումներով յաջողեցան կոչ նշանակել, կրնան մրցակիցը դուրս ձգել:
Անցեալ երեքշաբթի օր յարձակողական ֆութպոլը յաղթեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Փարիզ Սեն Ժերմէն – Պայերն Միւնիխ մրցումին: Անշուշտ այս խումբերը մեծ թիւով համակիրներ չունին աշխարհի չորս ծագերուն, ինչպէս ունին Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա կամ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Փարիզ Սեն Ժերմեն համեմատաբար նոր խումբ է (1970-ին հիմնուած), բայց մինչեւ 2011 խումբը եւրոպական գետնի վրայ միայն 1996-ին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակակիր խումբերու բաժակը շահած էր: 2011-ին խումբին մեծամասնութիւնը սեփականութիւնը եղաւ Քաթարի մարզական ներդրումի միութեան, եւ սկսան աստղերու «գնումները» մինչեւ 2023, երբ խումբը ստանձնեց սպանացի Լուիս Էնրիքէ, որ սկսաւ տարբեր ձեւ որդեգրել եւ աւելի երիտասարդներու վստահելով խումբ պատրաստել: 2025-ին վերջապէս ակումբը շահեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ միացաւ պատմական խումբերուն` 1 տարեշրջանի ընթացքին շահելով ամէն կարելի տիտղոս:
Պայերն Միւնիխի պարագան տարբեր է: Ճիշդ է, որ ան Գերմանիոյ ամէնէն հարուստ խումբն է, բայց Պայերն միայն 1965-ին բարձրացած էր «Պունտըսլիկա» եւ աւելի ուշ Ֆրանց Պեքենպաուըրի, Կերտ Միւլըրի եւ Զեփ Մայերի օրերուն դարձած Եւրոպայի լաւագոյններէն:
Վերադառնալով երեքշաբթի օրուան մրցումին, ան որ չկրցաւ դիտել մրցումը, պարզապէս չկրցաւ տեսնել պատմական գեղեցիկ եւ զուտ յարձակողական մրցում մը, որ մարզիչներու համար օրինակելի պէտք է ըլլայ: Այո՛, 9 կոլեր նշանակուեցան, բայց ատիկա ըսել չէ, որ «փողոցային» ֆութպոլ էր կամ թոյլ պաշտպանողներ էին: Ընդհակառակն: Յարձակողական ֆութպոլի դաս մըն էր, որ տուին Էնրիքէի եւ Քոմփանիի մարզած խումբերը: Մէկ կողմէ Տեմպելէ – Քվարացխելիա – Տուէ, միւս կողմէն Լուիս Տիաս- Հերի Քէյն – Մայքըլ Օլիսէ «փլէյ-սթէյշըն»-ի ամբողջական ֆութպոլ խաղցան:
Եթէ Եահան Քրոյֆ ողջ ըլլար, վստահաբար գոհ պիտի մնար «ամբողջական ֆութպոլ»-ի դասէն:
Մեծ մասնագէտներ ժամերով վերլուծեցին մրցումի կոլերը, եւ երկու խումբերու մարզիկները բնաւ ժամանակ չկորսնցուցին յարձակում մը եւս գործելու:
Ոչ մէկ համակիր կամ ֆութպոլասէր չէր ուզեր լսել մրցումի աւարտի սուլիչը` հաճելի եւ տեսարժան այս մրցումի աւարտին:
1982-ին Մոնտիալի գծով Ֆրանսա – Գերմանիա (3-3) մրցումը այս ձեւի հետաքրքրական էր ու հաւասարակշռուած եւ կը կասկածիմ, եթէ նոյնքան հետաքրքրական մրցում եղած է:
Յոյսով, որ ֆութպոլը կը մնայ յարձակողական եւ դաս մը կ՛ըլլայ բոլոր խումբերուն եւ մարզիչներուն, որ դիմեն այս ոճին, բան մը, որ հաճելի կ՛ըլլայ թէ՛ մարզիկներուն, թէ՛ ալ համակիրներուն, հոգ չէ թէ այդ խումբերը իրենց նախասիրածները չըլլան: Այո՛, երեքշաբթի օր ֆութպոլը յաղթեց… յարձակողական ֆութպոլը:
