Պայրագտարեան Ընդունեց Պէյրութ Մարաթոն Միութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երեքշաբթի օր իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութ Մարաթոն միութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպման դրուեցան վազքի մրցումներու ապահովութեան գծով նոր միջոցառումներու դրութիւնները:

Այս այցելութեան նպատակը եղաւ քննարկել Պայրագտարեանի կողմէ հրապարակուած այն հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուէին բժշկական կարգ մը պայմաններ, որոնք անհրաժեշտ պէտք է ըլլան ամէն ձեւի վազքի մրցումներուն` մարզիկներուն ամբողջական ապահովութեան համար: Նախարարութիւնը ամէն ձեւով նեցուկ պիտի կանգնի բոլոր մարզական միութիւններուն եւ ֆետերասիոններուն, մանաւանդ որ պատերազմը վերջերս սառեցուցած էր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, զորս նախարարութիւնը որոշած էր սկսիլ` իրար կապելով բոլոր երիտասարդական եւ մարզական միութիւնները:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ այս գծով ստացած էր նամակ մը առողջապահութեան նախարարութենէն` միասնաբար ապահովելու համար մարզիկներուն առողջութիւնը եւ հովանաւորութիւնը:

Խօսք առին նաեւ քանի մը բժիշկներ, որոնք իրենց կարծիքները յայտնելով իրենց փորձառութիւններուն մասին ալ խօսեցան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պաշտպանել մարզիկներու առողջութիւնը արկածի մը պահուն` օրինակներ թուելով նախապէս եղած արկածներէ` յառաջացած երկիրներու վազքերու մրցումներու պահուն:

Իր կարգին, Պէյրութ Մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին իր բոլոր ջանքերուն համար եւ իր աշխուժ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բժշկական մարմնի ներկայացուցիչներուն, որոնք աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հետ միասնաբար աշխատելով կը կատարեն նախարարութեան թելադրութիւնները:

Հանդիպումի աւարտին ներկաները համաձայնեցան միշտ կապի մէջ մնալ նախարարութեան հետ, որ Պէյրութ Մարաթոն միութեան հետ միշտ կը փորձեն Լիբանանի անունը բարձր պահել մարզական բնագաւառին մէջ:

 

Leave a Comment