Քանի մը օր առաջ Վանքուվըրի մէջ (Քանատա) տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնք վաւերացուեցան քուէարկութեամբ:
20 տարեկանէն վար մոնտիալի աւարտական մրցաշարքը պիտի հիւրընկալեն Հայաստան եւ Վրաստան:
Երկու երկիրներն ալ իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալեն նման մակարդակի մրցաշարք:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «աննախադէպ» կ՛անուանէ այս իրադարձութիւնը հայկական ազգային ֆութպոլին համար` ընդգծելով, որ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը կարեւոր քայլ պիտի դառնայ ֆութպոլի ենթակառուցուածքներուն զարգացման եւ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի տարածուելուն համար ալ:
«Առաջին անգամ ըլլալով մեր երկիրը կը հիւրընկալէ համաշխարհային մակարդակի ֆութպոլի մեծ մրցաշարք մը, որ կը վկայէ միջազգային հանրութեան մեծ վստահութեան մասին: Սա անգնահատելի նուէր է հայ համակիրներուն, հայկական ֆութպոլի սիրահարներուն եւ վստահաբար երիտասարդ ֆութպոլիստներուն համար, որոնք կարելիութիւն պիտի ունենան զգալու Մոնտիալին շունչը` իրենց սեփական հողին վրայ, ինչպէս նաեւ երազել մեծ յաղթանակներու մասին», նշեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի յայտարարութիւնը:
Ֆետերասիոնի յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ մրցաշարքը հիւրընկալելը ընդհանուր յաղթանակ մըն է շրջանին համար: Այս առիթով իրենք կը հրաւիրեն համակիրները պատրաստուելու աշխարհի ամէնէն զօրաւոր երիտասարդներու ազգային խումբերը ընդունելու:
«Բարի գալուստ աշխարհի ախոյեանութիւն, բարի գալուստ Հայաստան եւ Վրաստան:
Եկէ՛ք միասին պատրաստուինք ընդունելու աշխարհի լաւագոյն երիտասարդական խումբերը», աւելցուցած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Նշենք, որ այժմ մրցաշարքը հիւրընկալելու կարելիութիւնը կապուած է Հայաստանի մէջ քանի մը մարզադաշտերու կառուցման եւ արդիականացման ծրագիրներուն հետ: Այժմ այդ նախագիծերը կը ստանան լրացուցիչ խթան, իսկ Մոնտիալին նախապատրաստուիլը կը դառնայ իրականութիւն:
ՖԻՖԱ-ն իր ժողովին ընթացքին որդեգրեց նաեւ ակումբներուն համար նոր օրէնք մը, ըստ որուն բոլոր ակումբները պիտի պարտադրուին ունենալ իրենց սաներէն առնուազն մէկ մարզիկ, որ 21 տարեկանէն վար խումբէն կը խաղայ` հիմնական կազմին մէջ ամէն մրցումի: