«Էմ. Էմ. Էյ.» . Մարատ Գրիգորեան Նաք-Աութի Ենթարկեց Իր Մրցակիցը

Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) տեղի ունեցած «Ուան Էֆ. Սի.» «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցաշարքին, հայ քիքպոքսինկի մարտիկ Մարատ Գրիգորեան տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց ճափոնցի Քայթօ Օնոյի դէմ` նաք-աութի ենթարկելով զայն առաջին ռաունտին:

Ասիկա Գրիգորեանի 84-րդ մենամարտն էր իր արհեստավարժ ասպարէզին գծով, ուր արձանագրեց իր 70-րդ յաղթանակը 14 պարտութիւններու կողքին:

Գրիգորեան մենամարտի առաջին վայրկեանէն հզօր եւ դիպուկ հարուածներով գետին բերաւ Օնոն, որ մնաց գետին: Ճափոնցի մարտիկը, որ իր 72-րդ մենամարտը կը կատարէր, իր 11-րդ պարտութիւնը կրեց, երբ մեծ դժուարութեամբ կը փորձէր ոտքի կանգնիլ:

Փետուրի կշիռքի գծով այս յաղթանակը Մարատի 3-րդ յաջորդականն էր, բան մը, որուն շնորհիւ ան ամրապնդեց իր դիրքը այս դասակարգին մէջ: Ան մտադիր է կրկին պայքարիլ փետուրի կշիռքի ախոյեանութեան տիտղոսին համար եւ վրէժի մենամարտ կատարել Սուփերպոն Պանչամեքի (Թայլանտ) դէմ, որ այժմ փետուրի կշիռքի ախոյեանն է:

 

Leave a Comment