ՖԻՖԱ-ն նպատակ չունի 2026-ի Մոնտիալին Իրանը փոխարինել Իտալիայով, հակառակ անոր որ աւելի կանուխ հնչած էին այդ տեսակի առաջարկներ:
Աւելի կանուխ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր բանագնաց Փաուլօ Զամփոլի:
Վերջինս յայտարարած էր, որ Իտալիոյ ազգային խումբը իբրեւ աշխարհի ախոյեան (4 անգամ) կրնայ Մոնտիալին մասնակցիլ առանց նոյնիսկ զտումի մրցումներ կատարելու:
Սակայն այս խօսքերը ՖԻՖԱ-ին կողմէ աջակցութիւն չեն ստացած: ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ աւելի կանուխ յատուկ ձեւով հաստատած էր, թէ Իրանի ազգային խումբը պիտի մասնակցի Մոնտիալին:
Հակառակ այս բոլորին, Իրանի մասնակցութեան շուրջ կայ որոշակի լարուածութիւն, որ կապուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին հետ: Հակառակ քաղաքական այս բարդ վիճակին, Իրան իր կարգին կ՛ուզէ մասնակցիլ:
Յամենայն դէպս ՖԻՖԱ-ն յայտարարած է, թէ վերջին պայմանաժամն է այսօր, ուր բոլոր ազգային խումբերն ալ իրենց վերջնական հաստատումը պէտք է կատարեն, որպէսզի որեւէ անախորժ վիճակի չմատնուի ՖԻՖԱ-ն` զտումի արդար մրցումներ կատարելու համար, եթէ անշուշտ հրաժարող խումբ կայ: