2026-ի Մոնտիալին մնացած է մօտ 40 օր, բայց վիրաւոր մարզիկներուն թիւն ալ կը բարձրանայ պատճառ դառնալով, որ ազգային խումբեր կորսնցնեն իրենց կարեւոր մարզիկները:
Այս ցանկը, ինչպէս նշեցինք, օրէ օր կ՛երկարի, եւ վերջին մարզիկը պրազիլցի յետսապահ Էտէր Միլիթաոն է, որ Ռէալ Մատրիտի հետ վիրաւորուելէ ետք ստիպուեցաւ վիրաբուժութեան ենթարկուիլ` դուրս մնալով Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած Պրազիլէն:
Միլիթաօ միացաւ իր խմբակից Ռոտրիկոյին, որ իր կարգին Ռէալ Մատրիտի հետ վիրաւորուած էր անցեալ մարտի սկիզբը:
Ըստ երեւոյթին, Պրազիլի ազգային խումբը ամէնէն շատ կորուստը ունի մինչեւ օրս, մանաւանդ որ այլ յառաջապահ մըն ալ` Չելսիի Էսթեվաոն վիրաւորուած էր եւ իր կարգին վիրաբուժութեան ենթարկուած:
Թոթենհամի եւ Նետերլանտներու միջնապահ Զաւի Սիմոնզ իր կարգին ծունկի ետեւի մկանի կապերը վիրաւորած է («Էյ. Սի. Էլ.») եւ դուրս մնացած Մոնտիալէն:
Գերմանիոյ ազգային խումբը երկու շաբաթ առաջ կորսնցուցած էր վերջերս շատ լաւ մակարդակի հասած Սերժ Կնապրին, որ Պայերն Միւնիխի մէկ փորձին սրունքի մեծ մկանը պատռած էր:
Լիվըրփուլի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Ուկօ Էքիթիքէ իր կարգին կռունկի մէկ ջիղը պատռած էր եւ դուրս մնացած Մոնտիալէն:
Ճափոնի եւ Մոնաքոյի միջնապահ Թաքոմի Մինամինօ եւ իր ազգակից Ուաթարու Էնտօ (Լիվըրփուլ) իրենց կարգին վիրաւոր են:
Արժանթինցիներ Խուան Ֆոյթ (Վիարէալ) եւ Խուաքին Փանիչելլի (Սթրազպուրկ) իրենց կարգին վիրաւոր են: Կանացիներ Մոհամետ Քուտուս (Թոթենհամ) ու Մոհամետ Սալիսու (Մոնաքօ) եւ սպանացի Սամու Ակեհոուա (Փորթօ) պիտի բացակային իրենց ազգային խումբերու կարեւորագոյն մրցաշարքէն:
Յոյսով, որ մնացեալ քանի մը շաբաթներուն վիրաւորներ չաւելնան, որպէսզի բոլոր աստղերն ալ առիթ ունենան փայլելու աշխարհի կարեւորագոյն խմբային մրցաշարքին: