«Էմ. Էմ. Էյ.». Մարտուն Մեժլումեան Կը Մենամարտի Ախոյեանութեան Գօտիի Համար

Հայ մարտիկ Մարտուն Մեժլումեան (15-3) պիտի մենամարտի «Եու. Էյ. Ի. Ուորիըրզ» կազմակերպութեան թեթեւ կշիռի թափուր ախոյեանութեան տիտղոսին համար:

Մեժլումեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ անյաղթ ներկայացուցիչ Վլատիսլաւ Ռուտնեւ: Հայ մարտիկի հաշուոյն կայ 15 յաղթանակ եւ պարտութիւն, մինչ Ռուտնեւ իր 12 մենամարտներն ալ կրցած է յաղթանակով աւարտել:

Մեժլումեանի համար ասիկա պիտի ըլլայ երկրորդ առիթ` շահելու թեթեւ կշիռի գօտին: 2023-ին ան պէտք էր մրցէր Պրունօ Ասեւետոյի դէմ, բայց վիրաւոր ըլլալով ան հրաժարած էր մենամարտէն:

Մեժլումեան – Ռուտնեւ մենամարտը պիտի ըլլայ «Եու. Էյ. Ի. Ուորիըրզ 71» մրցաշարքի հիմնական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 9 մայիսին, Ապու Տապիի մէջ:

Սոյն մրցաշարքին հանդէս կու գայ այլ հայ մարտիկ մը եւս` Սերգօ Ալեքսանեան:

Ան պիտի մենամարտի քամերունցի ներկայացուցիչ Հուարես Տէայի դէմ:

Ալեքսանեանի մրցանիշը 5 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն է, իսկ անոր մրցակից Տէայ 12 յաղթանակ եւ 7 պարտութիւն արձանագրած է:

 

Leave a Comment