Տիգրան Բարսեղեան Փայլեցաւ Իր Վերջին Մրցումին

Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Տիգրան Բարսեղեան դարձաւ Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի Սպարտակ Թոնաւայի դէմ հանդիպումի գլխաւոր հերոսը:

Ան նշանակեց Սլովան Պրաթիսլաւայի միակ կոլը, որ եղաւ ընթացիկ ախոյեանութեան 8-րդ կոլը: Այս յաղթանակով Սլովան կը պահպանէ ախոյեանի իր դիրքը եւ 4 կէտով կը հեռանայ Տունայշքա խումբէն:

Հայ միջնապահը 90 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկը: Ան իր նշանակած կոլէն անկախ 7 անգամ հարուածեց դէպի մրցակիցի բերդը եւ կատարեց վճռական փոխանցում մըն ալ, որ սակայն կոլի չվերածուեցաւ, ինչպէս նաեւ 3 անգամ յաջող ձեւով խաղի բերաւ մրցակիցներ:

 

Leave a Comment