Աուն. «Առաջին Պահէն Ամերիկեան Կողմին Յայտնեցինք, Թէ Զինադադարը Հետագայ Որեւէ Բանակցութեան Անհրաժեշտ Առաջին Քայլ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Հասպայայի եւ Արքուպի պատուիրակութիւնը ընդունելու ընթացքին յայտնեց, որ իրենք առաջին պահէն իսկ ամերիկեան կողմին յայտնած են, թէ զինադադարը հետագայ որեւէ բանակցութեան անհրաժեշտ առաջին քայլ է, «եւ այդ կեցուածքը կրկնեցինք 14 եւ 23 ապրիլին դեսպաններու մակարդակով գումարուած երկու նիստերու ընթացքին, եւ ատիկա յստակ կերպով հաղորդուեցաւ առաջին նիստէն ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, որ իր երրորդ յօդուածին մէջ կը նշէ, թէ Իսրայէլ լիբանանեան թիրախներու, ներառեալ քաղաքային, զինուորական կամ լիբանանեան հողերու վրայ պետութեան այլ թիրախներու դէմ ցամաքէն, ծովէն եւ օդէն որեւէ յարձակողական գործողութիւն պիտի չկատարէ»:

«Լիբանանի մէջ կամ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցողին վերաբերեալ լիբանանեան պետութեան դիրքորոշումը այս է, եւ որեւէ այլ խօսք մեզ չի հետաքրքրեր եւ լիբանանեան պաշտօնական որեւէ հովանաւորութիւն չի վայելեր», շեշտեց Աուն:

«Ոմանք մեզ կը մեղադրեն առանց ազգային միասնականութեան գոյութեան բանակցութիւններու դիմելու որոշում տալու մէջ, եւ ես անոնց հարց կու տամ, թէ երբ պատերազմի գացիք, նախքան այդ քայլին դիմելը ազգային միասնականութիւն ապահովեցի՞ք», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ ոմանք սկսան մեզ քննադատել, դաւաճան նկատել եւ պնդել, թէ բանակցութիւններուն անձնատուութեամբ կ՛երթանք: Անոնց կ՛ըսեմ` սպասեցէք, որ բանակցութիւնները սկսին, ապա արդիւնքը դատեցէք»:

«Մինչեւ ե՞րբ հարաւի զաւակները պիտի շարունակեն գինը վճարել այլոց մեր հողերուն վրայ կատարած պատերազմներուն, որոնց վերջինները Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմն ու Իրանին թիկունք կանգնելու պատերազմն էին: Եթէ պատերազմը Լիբանանի համար տեղի ունենար, անոր կը զօրակցէինք, սակայն երբ պատերազմը այլոց շահերու իրագործման նպատակով կ՛ըլլայ, ես պատերազմը ամբողջովին կը մերժեմ», ըսաւ ան:

«Այն, ինչ որ կ՛ընենք, դաւաճանութիւն չէ. դաւաճանութիւնը իր երկիրը արտաքին շահերու իրագործման համար երկիրը պատերազմի տանիլն է», նշեց նախագահ Աուն:

 

 

Leave a Comment