Թրամփ. «Սպիտակ Տան Ընթրիքի Ժամանակ Կրակոցներ Արձակած Անձը Կեանքին Մէջ Բազմաթիւ Խնդիրներ Ունեցած Է»

Սպիտակ տան ընթրիքի ժամանակ կրակած անձը կեանքին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ ունեցած է, քրիստոնէութեան դէմ արտայայտուած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավար «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ինք լաւ ու հանգիստ է:

«Ես լաւ եմ: Շատ առումներով շատ տխուր երեկոյ էր», ըսած է Թրամփ:

Ան աւելցուցած է, որ Մելանիա Թրամփ, որ նոյնպէս ներկայ էր ընդունելութեան, ինքզինք լաւ կը զգայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասնակցութեամբ Սպիտակ տան մէջ հաւատարմագրուած լրագրողներու «Ուաշինկթըն Հիլթըն» պանդոկին մէջ ընդունելութեան ժամանակ կրակոց տեղի ունեցաւ:

Քալիֆորնիայէն 31 տարեկան Թամըս Ալըն որսորդական զէնքով կրակ բանալով վիրաւորեց գաղտնի ծառայութեան անդամը եւ ինք եւս վիրաւորուեցաւ:

Նշենք, որ ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսն ու անոր կինը:

 

Leave a Comment