Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն միանայ այսօր` հինգշաբթի օր արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու երկրորդ փուլին»:
«Այս բանակցութիւնները կը յաջորդեն Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթերի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի Ռուպիոյի ներկայութեամբ երեքշաբթի օր գումարած պատմական ժողովին:
«Այդ ժողովի ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ տասնամեակներէ ի վեր առաջին ուղղակի բանակցութիւնները տեղի ունեցան, եւ անոնք յանգեցան տասը օրուան տեւողութեամբ փխրուն զինադադարի շուրջ համաձայնութեան», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:
Պաշտօնատարը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն արդիւնաւէտ ներգրաւուածութիւնը, որ սկսաւ 14 ապրիլին, եւ պիտի շարունակենք երկու կառավարութիւններուն միջեւ ուղղակի եւ բարի կամեցողութեամբ քննարկումները դիւրացնել»:
«Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի եւս պիտի վերադառնայ Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար բանակցութիւններուն», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հաքըպիի վերադարձը ուղղակի կերպով կապուած է Իրանի հետ լարուածութեան:
«Բարձրաստիճան դիւանագէտները կանոնաւոր կերպով կը ճամբորդեն Ուաշինկթըն` ժողովներ գումարելու եւ համակարգում կատարելու համար, եւ ան Ուաշինկթըն կը վերադառնայ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարներուն եւ գործակալութիւններէն գործընկերներու հետ սովորական խորհրդակցութիւններ, ներառեալ շրջանային հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարելու համար», շեշտեց պաշտօնատարը: