Հայաստանի ծանրաբարձութեան ազգային խումբի նախկին անդամ Աղասի Աղասեան յետ մահու արժանացաւ 2014-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալներուն:
2014-ին Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցած էր Թել Աւիւի մէջ, ուր Աղասեան օրին գրաւած էր 4-րդ դիրքը:
Այդ ժամանակ երրորդ դիրքը գրաւած էր ռուս Ադամ Մալիքով, սակայն աւելի ուշ ան զրկուած էր մետալէն` խթանիչ դեղեր գործածելուն պատճառով, եւ պրոնզէ մետալը փոխանցուած էր հայ մարզիկին:
Պարգեւներու վերաբաշխման որոշումը կայացած էր, երբ 2019-ին Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը որակազրկած էր շարք մը մարզիկներ` խթանիչ դեղերու կանոններու խախտման պատճառով: Մրցումներու արդիւնքներու վերստուգումին հիմամբ, մինչեւ 85 քկ կշիռի կարգին մէջ Աղասեան ճանչցուեցաւ պրոնզէ մետալակիր, թէ՛ արաշէի եւ թէ՛ երկամարտի ընդհանուր արդիւնքով:
Մետալի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մէկ սեմինարին ընթացքին, Պաթումի (Վրաստան) մէջ: Մետալները ստացաւ Հայաստանի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Սամուէլ Գասպարեան, որ աւելի ուշ մետալները պիտի յանձնէ Աղասեանի ընտանիքին:
Աղասի Աղասեան 2019-ին ինքնաշարժի ողբերգական արկածի պատճառով մահացած էր 30 տարեկան հասակին: