22 տարեկան հայ բռնցքամարտիկ Միխայիլ Գրիգորեան (9-0), որ կը ներկայացնէ Կրասնոտարը, հաստատ յաղթանակ մը արձանագրեց ֆիլիփինցի Ճէօ Սանթիսիմայի (26-10) դէմ մենամարտին եւ դարձաւ թեթեւ կշիռի կարգի «Այ. Պի. Էյ. Ասիա» ախոյեանութեան տիտղոսակիր` շահելով գօտին:
Մենամարտը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Սիրպուխով քաղաքին մէջ, «Այ. Պի. Էյ. Փրօ 16» մրցաշարքին գծով, եւ տեւեց 10 նախատեսուած ռաունտերը: Գրիգորեան առաջին իսկ վայրկեաններէն պարտադրեց իր ուժը մրցակիցին դէմ եւ վերահսկեց մենամարտի ամբողջ ընթացքը` ցուցադրելով առաւելութիւն, արագութիւն, թեքնիք եւ մարտավարական մտածողութիւն:
Մենամարտի ընթացքին հայ բռնցքամարտիկը քանի մը անգամ նաք-աութի ալ ենթարկեց Սանթիսիման` հաստատելով իր գերակայութիւնը ռինկին վրայ:
Մենամարտէն ետք իրաւարարները միաձայն որոշումով յաղթանակը շնորհեցին Գրիգորեանի` զայն անյաղթ պահելով իր ամբողջ 9 ելոյթներուն: Ան այսպիսով նուաճեց իր առաջին նշանակալի տիտղոսը` արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: