Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ազգային բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանդիպումը պիտի կատարուի 14 մայիսին, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Աւարտականի մրցակիցները յայտնի կը դառնան 30 ապրիլին, երբ անոնք կ՛աւարտեն իրենց կիսաւարտականի դարձի մրցումները:
Անցեալ տարուան ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա առաջին ճակատումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Արարատ – Արմենիան:
Միւս մրցումին, Բ. դասակարգի Անդրանիկ ակումբը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Ուրարտուի հետ: