Ըմբշամարտ. Արման Ծառուկեան Յաղթական – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շաբաթավերջին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ռաֆ-08» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնն էր Արման Ծառուկեան-Եուրայա Ֆէյպըր մենամարտը:

Մենամարտը անցաւ Ծառուկեանի ամբողջական վերահսկողութեան տակ եւ վերջ գտաւ 3-րդ ռաունտի աւարտէն առաջ թեքնիք առաւելութեամբ (13-1):

Գօտեմարտի ամբողջ տեւողութեան (3 ռաունտ) Արման Ծառուկեան շատ աւելի լաւ էր, քան իր մրցակիցը, իսկ 3-րդ ռաունտին Ծառուկեանի առաւելութիւնը դարձաւ ճնշող:

Այս յաղթանակը եղաւ Ծառուկեանի 4-րդը` «Ռաֆ»-ի ազատ ոճի մրցաշարքին ինքզինք աւելի ամրապնդելով իբրեւ այս լիկայի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը:

Այս մենամարտէն ետք Արման Ծառուկեան յայտարարեց, թէ յաջորդ մենամարտին կ՛ուզէ մրցիլ Քոլպի Քովինկթընի դէմ:

 

 

Leave a Comment