«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Պայերն Միւնիխ Առաջին Դիրքի Վրայ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» վերջերս հրապարակեց վերջին 5 եւ վերջին 10 տարիներու լաւագոյն խումբերու դասաւորումը` «Չեմփիըզն լիկ»-ի խումբերու գծով:

Ռէալ Մատրիտի դէմ յաղթանակներէն ետք, Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխի ակումբը երկու դասաւորումներուն մէջ ալ գերազանցեց Սպանիոյ եւ Եւրոպայի լաւագոյն պատմութիւն ունեցող Ռէալ Մատրիտը:

Ռէալ Մատրիտի դէմ (4-3) իր սքանչելի յաղթանակէն ետք Պայերն վերջին 10 տարիներու դասաւորման մէջ 280,5 կէտով գրաւեց պարագլուխի դիրքը` անցնելով Ռէալ Մատրիտին, որ 271,5 կէտերով մնաց: Մանչեսթըր Սիթի 250,5 կէտ ունի, իսկ Պայերնի կիսաւարտականի մրցակից Փարիզ Սեն Ժերմեն 239,5 կէտ, մինչ Պարսելոնա 235,05 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:

Վերջին 5 տարիներու դասաւորման մէջ Պայերն դարձի մրցումին ալ կրկնելէ ետք իր յաղթանակը կրցաւ անցնիլ Ռէալ Մատրիտին 2 կէտերով: Լիվըրփուլ (130) կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, իսկ Ինթեր Միլան` 4-րդ (127 կէտ):

Միակ դասաւորման մէջ, որ Պայերն կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, այս տարեշրջանի դասաւորումն է, ուր Լոնտոնի Արսենալ 0,25 կէտ աւելի հաւաքած է, քան Պայերն Միւնիխ:

Այս դասաւորումները կը հաշուեն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հովանիին տակ գտնուող բոլոր մրցաշարքերէն, անոնց մասնակցութեան, նաք-աութի հանգրուաններ հասնելու, մինչեւ աւարտական: Ասոնք կ՛աւելնան տարեշրջաններու կէտերուն վրայ` իրենց երկիրներու ախոյեանութիւններուն:

Պայերն Միւնիխի գրաւած դիրքը բախտի բերմամբ չէ, այլ կայուն վիճակի մէջ ըլլալ կը նշանակէ, վիճակ մը, որ փաստեց, թէ պայման չէ, որ խումբ մը աստղերով հարուստ ըլլայ, որ արդիւնք ձեռք ձգէ:

Եթէ բաղդատութիւն կատարենք Պայերն Միւնիխի պիւտճէին եւ սպանական հսկաներու պիւտճէին կամ նոյնիսկ Մանչեսթըր Սիթիի եւ Արսենալի պատճէններուն միջեւ կը նկատենք, որ Պայերն Միւնիխ ամէնէն նուազ պիւտճէն ունի:

Ռէալ Մատրիտ 1,34 միլիառ եւրօ պիւտճէ ունի, Մանչեսթըր Սիթի` 1,31 միլիառ, Արսենալ` 1,23 միլիառ, Պարսելոնա` 1,17 միլիառ, մինչ Պայերն 965 միլիոն եւրոյի հազիւ կը հասնի:

Leave a Comment