Պայրամով. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցերը Կրնան Յառաջիկայ Ամիսներուն Լուծուիլ»

Մենք կը կարծենք, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերող հիմնական հարցերը կրնան յառաջիկայ ամիսներուն լուծուիլ: Այս մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թրքական գրասենեակին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Անոր համաձայն, վերջերս տեղի ունեցած են կարգաւորման հոլովոյթին առնչուած կարեւոր զարգացումներ:

«Ուաշինկթընի վեհաժողովը յատկապէս ուշագրաւ է: Անցեալ օգոստոսին Ազրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը ստորագրեցին միացեալ յայտարարութիւն: Այս փաստաթուղթը նաեւ իբրեւ վկայ հաստատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

«Միեւնոյն ժամանակ նախաստորագրուեցաւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ ստորագրուեցաւ Մինսքի խմբակը լուծարելու կոչը: Ընդհանուր առմամբ, այս քայլերը սահմանեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթի յաջորդ փուլի ճամբու քարտէսը:

«Ատկէ ետք Ալիեւը Սպիտակ տան մէջ պաշտօնական արարողութեան ժամանակ յայտարարեց, որ խաղաղութիւնը Ազրպէյճանի համար արդէն իրականութիւն դարձած է: Հետագայ քայլերը նոյնպէս հաստատեցին այս մօտեցումը: Ասիկա պարզապէս քաղաքական յայտարարութիւն չէ, այլ դիրքորոշում, որ կ՛արտացոլէ Ազրպէյճանի ռազմավարական տեսլականը», ըսած է Պայրամով:

 

Leave a Comment