Երեւանի Փիւնիկ ակումբի բերդապահ Հենրի Աւագեան ակումբի պատմութեան նոր մրցանիշ մը սահմանեց` Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ անառիկ պահելով իր բերդը 608 վայրկեան:
Թէեւ Արարատ Արմենիայի դէմ տեղի ունեցած կարեւորագոյն հանդիպումի 24-րդ վայրկեանին ան կոլ ստացաւ, բայց այդ մէկը բաւարար էր, որ պատմական մրցանիշ մը սահմանէ:
Այս 608 վայրկեաններով ան կրցաւ բարելաւել ակումբի նախկին բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեանի սահմանած մրցանիշը, որ 600 վայրկեան էր, 2008-2009 տարեշրջանին:
Հենրի Աւագեան վերջին անգամ անցեալ 21 նոյեմբերին կոլ ստացած էր Ուրարտուի դէմ մրցումի 45-րդ վայրկեանին` Պրունօ Միշելի հարուածով:
Մելիքսէթեան իր կարգին բարելաւած էր Արմէն Աւագեանի մրցանիշը (595), որ ձեռք բերուած էր 1996-1997 տարեշրջանին:
Նշենք, որ Արմէն Աւագեան 1994-1995 տարեշրջանին Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին բերդապահներուն մաս կը կազմէր Արա Աբրահամեանի կողքին:
Այս ձեւով Հենրի Աւագեան Հայաստանի պատմութեան միայն 8-րդ բերդապահն է, որ 600 վայրկեաններէ աւելի կրցած է անառիկ պահել իր բերդը:
Հայաստանի ախոյեանութեան մրցանիշը կը պատկանի Շիրակի բերդապահ Ռայմոնտ Զադուրեանի, որ 2002-2003 տարեշրջանին 755 վայրկեան կրցած է անառիկ պահել իր բերդը: