«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Դուրս Ձգեց Ռէալ Մատրիտը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի անցեալ տարուան լաւագոյն մրցումը կիսաւարտականին էր Ինթեր Միլանի եւ Պարսելոնայի միջեւ, ուր Ինթեր 4-3 արդիւնքով յաղթած էր Պարսելոնային:

Չորեքշաբթի գիշեր այս տարեշրջանի լաւագոյն մրցումը եղաւ (մինչեւ օրս) Պայերն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ մրցումը, որ նոյն արդիւնքով (4-3) աւարտեցաւ:

Պայերն Միւնիխ արժանի էր յաղթանակին երկու մրցումներուն աւելի լաւ խմբային խաղարկութեամբ, մինչ Ռէալ Մատրիտ աւելի վստահած էր տաղանդներու եւ անհատական վարպետութեան:

Մրցումի առաջին վայրկեանին աններելի սխալ մը, եւ բերդապահ Նոյըր սխալմամբ փոխանցեց Արտա Կիւլերի, որ լոպով նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը:

Եոշուա Քիմիչի քոռնըրին ետք Ալեքսանտր Փաւլովիչ գլխու հարուածով հաւասարեցուց արդիւնքը: 29-րդ վայրկեանին շատ «կակուղ» ֆաուլէ մը ետք նոյնինքն Կիւլեր ազատ հարուածով կոլ նշանակեց Նոյըրի բերդին մէջ: 38-րդ վայրկեանին Տայօ Ուփամեքանոյի փոխանցումէն ետք, Հերի Քէյն նշանակեց 2-2-ի կոլը: 42-րդ վայրկեանին իրաւարարի պզտիկ սխալէն ետք, ուր վերջինս չնկատեց Ռուտիկերի ֆաուլը` Սթանիշիչի դէմ, Ռէալ Մատրիտ հակայարձակումով արագ կոլ մը նշանակեց Քիլիան Էմպափէի շնորհիւ:

Վիրաւոր Սթանիշիչին փոխարինեց քանատացի Ալֆոնսօ Տէյվիս, եւ Պայերն Ռէալ Մատրիտէն շատ աւելի լաւ խաղցաւ Բ. կիսախաղին, մանաւանդ Ժամալ Մուսիալայի դաշտ մտնելէն ետք: 62-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Էտուարտօ Քամավինկա, որ փոխարինեց Պրահիմ Տիազը:

78-րդ վայրկեանին ան դեղին քարտ ստացաւ եւ 86-րդ վայրկեանին իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ ֆրանսացի Քամավինկան, ասկէ լաւապէս օգտուեցաւ Պայերն 2 կոլ նշանակելով Լուիս Տիասի (89) եւ Մայքըլ Օլիսէի (94) միջոցով:

Մրցումի աւարտին Ճուտ Պելինկհամ, Վինիսիուս Ժունիոր եւ Արտա Կիւլեր իրաւարարին հետ վէճ մը ունեցան, եւ Կիւլեր կարմիր քարտ մը ստացաւ…

Ըստ երեւոյթին Ռէալ Մատրիտ չէին պատրաստուած պարտութեան, մանաւանդ որ այս բաժակը կը փորձէին 16-րդ անգամ ըլլալով շահիլ: Անոնք յաճախ իրաւարարներու «պզտիկ» սխալներով դուրս կը ձգէին Պայերն Միւնիխը, որ այս անգամ շատ աւելի լաւ պատրաստուած էր:

Այս ձեւով Պայերն կիսաւարտականի հասաւ, ուր պիտի մրցի անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ 28 ապրիլին եւ 8 մայիսին:

Արսենալ բաւական անյաջող ելոյթէ ետք առանց կոլերու հաւասարութիւն արձանագրեց Սփորթինկ Լիզպոնի հետ: Երթին Փորթուգալի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթած ըլլալով, Արսենալ հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ:

 

Leave a Comment