Սալամ. «Բանակէն Եւ Ապահովական Մարմիններէն Պահանջեցինք Պէյրութի Նահանգի Մէջ Պետութեան Իշխանութիւնը Ամրապնդել Եւ Այնտեղ Զէնքի Մենաշնորհում Կատարել»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը, որուն սկիզբը ժողովի մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին չորեքշաբթի օր իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն յիշատակը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք գերիշխան ու գոյութիւն ունեցող պետութիւն ենք, պետութիւնն է, որ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ չենք ընդունիր, որ մեզմէ բացի ոեւէ մէկը բանակցի»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ժողովէն ետք յայտարարեց. «Բանակէն եւ ապահովական մարմիններէն պահանջեցինք Պէյրութի նահանգին մէջ պետութեան իշխանութիւնը ամրապնդել եւ այնտեղ զէնքի մենաշնորհում կատարել»:

«Որոշեցինք Ապահովութեան խորհուրդին շտապ բողոք ներկայացնել Իսրայէլի դէմ` անոր Լիբանանի վրայ կատարած յարձակումներուն պատճառով», նշեց Սալամ:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս իր կարգին յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը  Իսրայէլի վտանգաւոր մագլցումէն ետք որոշած է Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել:

Ան յայտարարեց, որ նախնական տուեալներով, չորեքշաբթի օր Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով 203 զոհեր եւ 1078 վիրաւորներ արձանագրուած են:

«Կը պնդենք, որ բանակցութիւններուն մէջ նախաձեռնութիւնը պէտք է պետութիւնը ստանձնէ, որովհետեւ անիկա գոյութիւն ունի, կարող է, բանակցելու կարելիութիւններ եւ ներուժ ունի, եւ մենք այսօր մեր բարեկամներուն հետ հաղորդակցութիւններ կը կատարենք, զինադադար եւ բանակցութիւններ կը պահանջենք», ըսաւ Մըրքոս:

Տեղեկատուութեան նախարարը նաեւ նշեց, որ զէնքին պետութեան մենաշնորհը ըլլալը մայրաքաղաքին վրայ անոր ամբողջական վերահսկողութեան պարտադրման նախապայման է:

 

 

Leave a Comment