Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակ. Անդրանիկ` Առաջին Լիկայի Միակ Ներկայացուցիչը

Ֆութպոլի «Անդրանիկ» ակումբը դարձաւ առաջին լիկայի (Հայաստանի Բ. դասակարգ) միակ ներկայացուցիչը, որ կրցաւ հասնիլ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտական հանգրուան:

Բ. դասակարգի ճակատումի քառորդ աւարտականին, Արամ Ոսկանեանի գլխաւորած խումբը Սիւնիքի դէմ 5-2 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տարաւ` երթի մրցումը 0-0 արդիւնքով աւարտելէ ետք:

Արարատ – Արմենիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիրակը եւ երթի 1-0 արդիւնքով յաղթանակն ալ աւելցնելով հաստատ քայլերով հասաւ կիսաւարտական:

Ուրարտու երթին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արարատ Երեւանին դարձին 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, բայց հասաւ կիսաւարտական:

Կիսաւարտականի 4-րդ ակումբը եղաւ Նոա, որ երթին 2-1 արդիւնքով չնչին առաւելութիւն ունենալէ ետք, կրցաւ հաւասարութիւն խլել 86-րդ վայրկեանին` նշանակելով 2-2-ի կոլը, հասնելով կիսաւարտական:

Նոայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Արարատ – Արմենիա, մինչ Անդրանիկ պիտի մրցի Ուրարտուի դէմ:

Նշենք, որ ախոյեանութեան դասաւորման մէջ Փիւնիկ մրցում մը նուազ խաղալով հանդերձ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 2 կէտերու առաւելութիւն ունենալով Արարատ – Արմենիայի եւ Ուրարտուի վրայ: Նոա իր կարգին նուազ մրցում կատարած է եւ 6 կէտերով ետ կը մնայ Փիւնիկէն:

Յիշեցնենք, որ շատ կարեւոր է բաժակի այս մրցաշարքը, մանաւանդ որ բաժակակիր խումբը ուղղակիօրէն կը հասնի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուան:

Leave a Comment