Կերակուսեան Ուշադրութիւն Գրաւած Է… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի ազգային խումբին հետ իր առաջին ելոյթը ունենալէ ետք, Անգլիոյ Սանտերլենտի 18 տարեկան յառաջապահ Ֆինն Կերակուսեանի ակումբի ապագան յայտնուեցաւ ուշադրութեան կեդրոն:

Թէեւ յառաջապահը տակաւին ելոյթ ունեցած չէ Սանտերլենտի հիմնական կազմին հետ, սակայն ակումբին ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Ռեժի Լը Պրի բարձր գնահատած է անոր ներուժն ու հիմնական ակումբ տեղափոխուելու առիթը:

Անդրադառնալով հայ ֆութպոլիստի որակներուն` Լը Պրի ըսած է. «Ան քանի մը փորձեր կատարեց մեզի հետ եւ բաւական տուեալներ ունի: Լաւ երիտասարդ է, հիանալի կը վարժուի ու կը յարմարի ակումբի մտածելակերպին եւ ֆիզիքապէս շատ ուժեղ ֆութպոլիստ է: Այս լիկային մէջ յաջողելու համար պէտք է կարենալ պայքարիլ մենապայքարներուն, իսկ ան այդ առումով բազմակողմանի զարգացած է:

Ի հարկէ, ան տակաւին երիտասարդ է եւ փորձառութեան կարիք ունի, բայց ես շատ կը հաւնիմ անոր խաղաոճը»:

Նշենք, որ Կերակուսեան իր առաջին հանդիպումը կատարեց ազգային խումբին հետ 29 մարտին տեղի ունեցած Հայաստան – Պիելոռուսիա բարեկամական մրցումին: Երիտասարդ ֆութպոլիստը դաշտ ներկայացաւ 64-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Հրանդ-Լէոն Ռանոսը:

Կերակուսեան այս տարեշրջանին արդէն իսկ մարզուած է Սանտերլենտի հիմնական խումբին հետ եւ Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքին գծով մրցումի մըն ալ պահեստի մարզիկներուն մաս կը կազմէր: Սանտերլենտի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար եւ 21 տարեկանէն վար) խումբերուն հետ ան կատարած է 27 մրցում` նշանակելով 13 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:

 

Leave a Comment